
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։ «Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ» կ՚ըսէ Բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան։ Բժ. Արմենակ Եղիայեանի…