
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Թիֆլիս այցելութենէ ետք Վարանդայի մելիք Ջումշուդն ու Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդունը իբրեւ դեսպաններ հետը առնելով ճամբայ ելած էր Աստրախան: Մելիքները Աստրախան մնացին, իսկ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Պետերբուրգ մեկնեցաւ եւ հայութեան ազատագրութեան հարցերով բանակցութեան մէջ մտաւ պետական շրջանակներու հետ: Աստրախանէն մելիքները նամակ գրեցին Յովսէփ արքեպիսկոպոսին, յայտնելով որ իրենք մեծ յոյսերով կը…