
9 Յունիս 2022-ի միջօրէի ժամը 2։00-ին, Երեւանի Կոմիտաս շրջանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի հինգերորդ յարկի Արեւմտահայոց Ուսումնասիրութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքին հայերէնի թարգմանուած հատորին շնորհանդէսը։ Գիրքը թրքերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանած էր Մարի Մերտխանեանը: Գիրքը առաջին անգամ տպագրուած է Իսթանպուլի «Արաս» հրատարակչութեան կողմէն 2013-ին, իսկ թրքերէն տարբերակը շուտով կը վերահրատարակուի 6-րդ անգամ ըլլալով: Տիգրան…