
Մոլիէրի «Թարթիւֆ» պիէսի բեմադրութիւնը Ատանայէն վերջ Մերիսնի մէջ ալ արգիլուեցաւ հասարակական անվտանգութեան պատրուակով։ Սոյն բեմադրութիւնը նախապէս ալ 5 Դեկտեմբեր 2021-ին Մարտինի մէջ արգիլուած էր։ Ամիտայի թատրոնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հիւրախաղերու ծրագիրը մշակած էինք 5 Յունիսին Ատանայի եւ 6 Յունիսին ալ Մերսինի մէջ «Թարթիւֆ»ը բեմադրելու համար։ Նախապէս երկու քաղաքներու մէջ ալ թատերասրահ վարձելու համար դիմում կատարեցինք…