
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ «Տիգրանակերտի Հոգին»։ Անուանի վարպետ երգիչ Օննիկ Տինքչեան, այսպէս կոչած էր բոլորովին Տիգրանակերտի երգերէն բաղկացած իր վերջին ձայնապնակը։ Ամբողջ շաբաթավերջին այս երկու բառերն էր որ կը տողանցէր մտքիս մէջ։ Իսկապէս կ՚ըմբոշխնէի երբեմնի հայաշատ քաղաքի ոգին, որ ի դէմ այլ եւ այլ փորձանքներու, կը շարունակէ վառ մնալ քաղաքը շրջապատող պարիսպներու պայծառ խաւարին մէջ։ Ճիշդ ալ…