
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 22 դեկտեմբեր 2021, չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։ Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրին ընդառաջած էին «Բարի Լոյս», «Մեր Հայեր», «Միասին» եւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի ծիրէն ներս գործող երիտասարդաց յանձնախումբը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ…