
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ կնքուած համաձայնութեանց օրինակով, մերձեցման նման քայլերու պիտի ձեռնարկէ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ թրքական տեղական աղբիւրներու եւ «Էն.Թի.Վի» կայանին կը վերագրէ իր տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքմենիստանէն վերադարձին Էրտողան յայտնած է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Թուրքիոյ մէջ տասը միլիառ տոլարի շահարկման ներդրում…