
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս շրջանին կը սկսին նոր եղանակի գործունէութիւնները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը ջանք կը գործադրէ, որպէսզի բազմակողմանի աշխատանքը վերականգնուի միութեան յարկէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ մշակուած է նոր եւ հետաքրքրական ծրագիր մը։ Նոր եղանակի բացումը տեղի պիտի ունենայ երաժշտական ձեռնարկով մը։ Այսպէս, շաբաթավերջին Արամեան սանուց միութիւնը պիտի հիւրընկալէ համակրելի…