
Աշխարհի վրայ մոլեգնող պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու ենթապատկերին վրայ խիստ անհրաժեշտ կը դառնան խաղաղութեան եւ մարդասիրական գաղափարներու դրսեւորումները արուեստի բնագաւառին մէջ։ Ուստի, մեծ յուզումով եւ պատասխանատուութեամբ հանրութեան դատին պէտք է յանձնենք Աւրորայի Աղօթքը տեսահոլովակը, որու շուրջ աշխատանքները, պայմանաւորուած համավարակով եւ մեր Հայրենիքի ցնցումներով, տեւած են շուրջ 4 տարի։ Չափազանց յուզիչ, բայց շատ վեհ գաղափարով այս ստեղծագործութիւնն…