
Յովսէփ Պարազեան Եկեղեցւոյ փոխարէն՝ նամազ Թրքական, կրօնական մոլեռանդութեան օրինակները հետզհետէ կ’աճին ու կը բազմանան։ Թուրքերը այս մարզին մէջ երկու ուղղութեամբ կ’աշխատին։ Առաջին՝ քրիստոնէական եկեղեցիներու շրջապատին մէջ, եկեղեցւոյ գմբէթէն աւելի բարձր մզկիթ մը «կը տնկեն» նորօրեայ սեփականութեան իրենց կրօնական կնիքը հաստատելու կրօնամոլեռանդական բարդոյթով։ Որոշ եկեղեցիներ, ինչպէս Կոնստանդնուպոլսոյ բիւզանդական-յունական Այիա Սոֆիան, որ Իւնեսքոյի որոշումով իբրեւ թանգարանային…