
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 յունիս 2021, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանն ու Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Նուրհան Էնկինը։ Այցելուներ, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ, Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեանյանձնեցին, թէ՝ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի 11 Յուլիս, Կիրակիառաւօտ, Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին։ Անոնք, Պատրիարք Հօր օրհնութիւն ըստանալէ յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին՝ տօնախմբութեան նախագահելու։ Այսշրջագիծով, անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ուծրագիրներուն մասին։ Պատրիարք Հայրը, լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւնները ըրաւ։ Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց համավարակի առկայ մթնոլորտը, իսկ միւս կողմէնուրախութիւն յայտնեց, թէ՝ այս տարի կարելի պիտի ըլլար ժողովուրդի մասնակութեամբ տօնախմբութիւն կատարել։ Մեր Հոգեւոր Պետը, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։ Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
Ամբողջը →