
ԻՀԱ լրատու գործակալութեան Արմաշի Վանական համալիրի մասին հաղորդած տեղեկութիւնը պատճառ դարձաւ դիւրիմացութիւններու։ Նիքոմիտիոյ երբեմնի վանական համալիրը 1860-ական տարեթիւերէն սկսեալ ունեցաւ շատ կարեւոր նշանակութիւն մը, իր կազմին մէջ ունենալով արեւմտեան Հայաստանի միակ հոգեւոր ճեմարանը։ Արդարեւ Արմաշու Դպրեվանքի հունձքը երկար տարիներ իր դրոշմը բերաւ հայ հոգեւոր ապրումներուն։ Գործակալութեան լրատուութեան հիմք հանդիսացողը ոչ թէ վանքը կամ երբեմնի Դպրեվանքն,…