
Ծանօթ է, թէ Քորոնա համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։ Այս առումով Պատրիարքարանի Դիւանը Հոգեւորականաց Դասուն ուղարկած 17 Մայիս 2021 թուակիր եւ 12611 համար զեկոյցով հաղորդած էր Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութիւնները ի մասին եկեղեցիներու մէջ ժամերգութիւններ կատարելու եւ Սուրբ…