
1916-1917 1916ին ռուսական բանակը հայկական կամաւորական գունդերուն օժանդակութեամբ կը գրաւէ Վանը, Կարինը, Տարօնը եւ Երզնկան։ 28 Փետրուար 1917ին, կը պայթի ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը։ Կը կազմուի ժամանակաւոր նոր կառավարութիւն մը, որ արտօնութիւն կու տայ հայ գաղթականներուն վերադառնալ իրենց գիւղերը։ 1917 Սեպտեմբերին, Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի Հայոց ազգային խորհրդաժողովը, որուն տնօրինումով՝ կարճ ժամանակ ետք, կը կազմուին Ազգային…