
Մելիք Շահնազարի միացում Փանահ Ալի Խանի եւ Շուշիի բերդին կառուցումը Շուշիի բերդ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մելիքները, իրենց անառիկ լեռներուն վրայ, դաշնակցային կապերով միացած, անխորտակելի ուժ էին: Վարանդայի մելիք Յովսէփ Մելիք Շահնազարեանի եղբայր Շահնազար, Աւետարանոցի մէջ կոտորելով իր եղբօր ընտանիքը, բռնութեամբ խլեց իշխանութիւնը: Աւետարանոցի եղեռնագործութիւնը դուռ բացաւ կործանարար գժտութիւններու եւ քայքայեց մելիքութիւններու դաշնակցային կապերը. բան մը, որ ճակատագրական եղաւ արցախահայութեան համար: *** Ինքզինք Վարանդայի…