
«Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք» (Եսայի, 43.19) 24 Ապրիլ 1915 թուականով սկսած ցաւառիթ ընթացքին եւ իր ազդեցութիւններուն բերմամբ Հայ ժողովուրդին մօտ գոյացած է ակնարկները դէպի անցեալ սեւեռելու սովորութիւնը, որ անխզելի կերպով կը շարունակուի մինչեւ ցայսօր։ Դիւրին չէ, մեր ժողովուրդին կէսէն աւելին կլանող Մեծ Եղեռնը մեր ընկերային…