
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ պատմական նուաճում մը արձանագրուեցաւ շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն` իբրեւ պետութեան գերագոյն գործադիրը, հաստատեց, որ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայեր ենթարկուած են ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, այդ ոճիրը անկարելի է մոռնալ, պէտք չէ կրկնուի, ամէն տեսակի ատելութեան պէտք է վերջ տալ: Յայտարարութիւնը պատմական կը դասենք այն մօտեցումով,…