
Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի լրագրող Մուսթաֆա Պիրոլ Կիւկերը իր սիւնակով անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Իրանի ունեցած պաշտօնական դիրքորոշման: Ermenihaber.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յօդուածին հեղինակը ըրած է հետեւեալ շեշտադրումները. «Իրանը, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ գրեթե շրջափակման մէջ գտնուող Հայաստանի հիմնական առեւտրային գործընկերը, պաշտօնապէս չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Պատճառը այն է, որ Իրանը Թուրքիոյ…