
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի, 6 մայիս 2021, հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելութիւն տուաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Թարլապաշըի Մայր Եկեղեցիին եւ Առաջնորդարանին։ Ս. Զատկի առթիւ կատարուած փոխադարձ այցելութիւնը, նաեւ Պատրիարք Հօր, Ասորի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Կեդրոնին տուած անդրանիկ այցելութիւնը ըլլալու…