
Յ. Պալեան Վաղուան պատմութիւնը այսօր կը գրուի: Բայց ո՞վ եւ որո՞ւ հաշւոյն կը գրէ այդ պատմութիւնը: Թուրքիոյ բազմաճակատ եւ ապակայունացնող նախաձեռնութիւնները ապահովաբար կը մտահոգեն իր հին եւ նոր զինակիցները՝ Արեւմուտքը, Ռուսիան եւ Արաբական Աշխարհը: Անոնք չեն հակազդեր տակաւին, կը խորհի՞ն, որ Էրտողանի փառասիրութիւնները դեռ կարմիր գիծը չեն անցած: Այսպէս, Ֆրանսան դեռ մինչեւ ե՞րբ կրնայ մնալ սպասողական դիրքի մէջ, երբ Թուրքիան կը խուժէ իր արաբական աշխարհի դասական ազդեցութեան գօտիէն ներս (Սուրիա, Լիբանան): Ուաշինկթըն կը նկատէ՞, որ ապահով համարուած իր դաշնակից Թուրքիան դարձած է ինքնագլուխ, ունի կասկածելի ցանկութիւններ եւ անոնց հետեւանքով նոր բարեկամութիւններ կը մշակէ, եւ վաղ թէ ուշ ստիպուած պիտի ըլլայ իր գործակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու: 1952ին Թուրքիա անդամ դարձած էր Ատլանտեան ուխտին եւ Խորհրդային Միութեան սահմանին վրայ գտնուելով, զինակցութեան կարեւոր նպաստ կը համարուէր, միաժամանակ կ՛օգտուէր անոր պաշտպանութենէն եւ լիաբուռն օժանդակութիւններէն, կառուցուող ռազմական ենթակառոյցներու ստեղծման համար եղած յատկացումները կը նպաստէին երկրի զարգացման: Իր ռազմագիտական շահերուն հետամուտ, Ամերիկան փակագիծի մէջ կը դնէր իր մեծ, մարդկային եւ քաղաքական սկզբունքները, չէր զբաղեր Թուրքիոյ ներքին հարցերով, ուր սովորական էին մարդկային իրաւանց խախտումները, կրօնական եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքները, ճապկումներ կ՛ընէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, երբ երկրի Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ այդ հարցով տրամադրութիւնները դրական էին: Ուաշինկթընի ռազմաքաղաքական շահերու տրամաբանութիւնը շարունակուեցաւ հակառակ Կիպրոսի դէմ Թուրքիոյ յարձակման եւ գրաւման: Քաղաքական շահը գերադասուեցաւ բարոյական ըմբռնումին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ պաղ պատերազմի իրաւ կամ կեղծ աւարտէն ետք, Թուրքիա յայտնուեցաւ օսմանեան–համաթրքականութեան ծաւալապաշտական երազանքով եւ ուզեց վերանուաճել Միջին Արեւելքի մէջ իր ունեցած անցեալի դիրքերը, կրկին կրօնական ազդակը օգտագործելով հետապնդեց տարածքային եւ ուժանիւթային նպատակներ, աչքը յառելով իրաքեան նաւթին, քանի որ Իրաքը կը համարէր իր կայսերական տարածքը: Երկու տասնամեակէ ի վեր…
Ամբողջը →