
ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ «Աւանդութիւններ» յօդուածաշարքի այս բաժնին մէջ կ՚անդրադառնանք Սուրբ Սարգիսի Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ ընկալման եղանակին եւ անոր ձօնուած տօնակատարութիւններուն։ Ի դէմ ազգային տարբերութեան հայ ժողովուրդը մեծ սէր ունեցած է զօրավար Սուրբ Սարգիսի հանդէպ։ Ան ծնած էր 330 թուին Կապատովկիոյ Կամիրք (Այժմու Կեմերեք) քաղաքը իբրեւ յոյն ընտանիքի մը որդին։ Քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին հռովմէացի կայսր Մեծն…