
Յունաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովուժերը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրման պայմաններուն մէջ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ միացեալ ռազմափորձերու սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Ռիփորթըր»-ը: «Մետուզա» անունը ստացած ծովուժի ռազմափորձերը սկսած են նախանցեալ օր եւ պիտի տեւեն մինչեւ 6 դեկտեմբեր: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմափորձերու մեկնարկի լոյսին տակ յայտարարած է, որ «ատիկա անգամ…