
Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յատուկ յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Տեւըն Նունիէզ կոչ ըրաւ Սպիտակ տան, որ անմիջապէս կասեցնէ բոլոր զէնքերու վաճառքը՝ Թուրքիոյ եւ ռազմական աջակցութիւնները՝ Ատրպէյճանին։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականին այս կոչը, անընդունելի համարելով Հայ Դատի այս պահանջներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցաբերած լռութիւնը։ Յիշեցնենք, որ Համբարեան քանի մը…