
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ահաւասիկ անգամ մը եւս կեցած ենք պատերազմի թէժ իրականութեան առջեւ։ Անգամ մը եւս կոչուած ենք խիզախ պատասխան տալու պատմութեան մարտահրաւէրին։ Եւ անգամ մը եւս թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը կը բախի մեր ժողովուրդի, մեր քաղաքական ուժերու եւ մեր պետականութեան հզօր եւ միահամուռ հակադարձութեան։ Եւ ինչպէս միշտ՝ ռազմաճակատը ամէն տեղ է։ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, իրենց ծաւալապաշտ նկրտումնեով, համաշխարհայնացուցած են այս պատերազմը ի սկզբանէ եւ մենք այս ոսոխը կը դիմագրաւենք ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի սահմանագծերուն վրայ, այլեւ ամբողջ երկրագունտի տարածքին։ Աշխարհի բոլոր գլխաւոր մայրաքաղաքներու ռազմաբեմին վրայ միաժամանակ։ Եւ թշնամին պարտութեան մատնելու անտեղիտալի վճռակամութեա՛մբ։ Անցնող բազմաթիւ տասնամեակներու ընթացքին, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան — Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի քթին տակ – սանձարձակօրէն վարած են փանթուրքիզմի իրենց ոճրային քաղաքականութիւնը տեւաբար խաբելով, տեւաբար ապակողմնորոշելով, բացէ ի բաց կաշառելով միջազգային քաղաքականութեան տիրող ուժերը։ ԵԱՀԿ–ի Մինսքի Խումբի Համանախագահող Երկիրներն ու իրենց լծակիցները, իրենց թոյլ, անատամ եւ անվճռական քաղաքականութեամբ, տարիներ շարունակ քաշքշեցին միջազգային դիւանագիտութեան…
Ամբողջը →