
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ Սանձարձակ կը շարունակուի իբրեւ թէ «աշխոյժ» բայց իրականութեան մէջ ծաւալապաշտ Իսլամա- ազգայնական հոսանք մը։ Վիճելի է թէ այս երթը որքանով ծրագրուած քաղաքականութիւն է, որքանով օրուայ զարգացումներուն հակազդեցութիւն։ Սակայն յստակ է թէ Թուրքիա «Խնդիր լուծող»է աւելի «խնդիր հրահրող» դերակատարութիւն մը որդեգրած է։ Յիշենք մօտ անցեալը։ Քրտական հարցի մէջ «ճնշել, ճզմել»ու քաղաքականութիւնը իւրացնելէ ետք առիթ…