
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան համաձայնագրին համապատասխան` Ազրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան մարտական կրակով համատեղ լայնածաւալ մարտավարական եւ թռիչքա-մարտավարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին երկու երկիրներու ցամաքային եւ ռազմաօդային ուժերը: Այս մասին՝ ըստTert.am՝ կը տեղեկացնէ ԱՓԱ գործակալութիւնը` յղում տալով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան։ Համատեղ զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին զօրախումբեր, զիրուորական կառքեր, հրետանային միջոցներ եւ ականանետներ, ինչպէս նաեւ…