
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ (ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՅՈՒՇԵՐ) Մուսա Լերան փէշերուն թառած հայրենի իմ գիւղի մանկական ոսկէ յուշերուս համաստեղութեան մէջ անմոռանալի ու քաղցրօրէն հմայիչ կոչուած է մնալ Կաղանդը՝ հին արի ու բարի օրերու հայկական Ամանորը։ Օրեր շարունակ՝ դպրոցէն ներս, թէ՛ տուներու մէջ մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը, անրջանքներու միակ առարկան Կաղանդը կ՚ըլլար։ Կ՚երազէինք յատկապէս Ամանորի առաւօտը, ուր ընդհանուր խանդավառութեան մէջ պիտի…