
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 89 տարի առաջ` մարտ 15-ին, արհաւիրքի եւ հատուցման ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդարագոյն ահաբեկչութիւն մը գործուեցաւ Պերլինի մէջ: 15 մարտ 1921-ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25-ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի վարչապետը: Ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն էր Թալէաթ, որ, իբրեւ թրքական…