
Աղապէյիմ Աղա Ջաւանշիր` արքունի հարէմին մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աղա Մոհամէտ շահին սպանութենէն (17 յունիս 1797) ետք պարսկական բանակը խառնիխուռն հեռացած էր Շուշիէն, իսկ Իպրահիմ Խալիլ խան գիւլեաթաղցի Ռուստամ բէկի աջակցութեամբ վերադարձած էր Ղարաբաղ: Պարսկաստանի մէջ խառնակ վիճակ ստեղծուած էր եւ գահակալական կռիւներ կը մղուէին: Սատէգ խան Շիկակի, որ Ղազուինի մէջ կեդրոնացած` կը փորձէր չէզոքացնել Ղաջար արքայատոհմը, իր եղբայրներ…