
Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, որ կը վարէր Էրտողանը պիտի փոխուի։ Այստեղ կայ նաեւ անձնական գործօնը, որովհետեւ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական սերտ էին, որ իր ազդեցութիւնը կ՝ունենար նաեւ քաղաքականութեան վրայ։ Այս մասին «ԵՐԿԻՐ»-ին կ՝ըսէ թուրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան։ «Քըլըչտարօղլուի հետ կապուած նման հանգամանք գոյութիւն չունի։ Անոր քաղաքականութիւնը մասնաւորապէս Ուքրանիոյ պարագային պիտի ըլլայ արեւմտամէտ, բայց կտրուկ…