
Սփիւռքահայ գրագէտ Ճորճ Աբէլեանի «Աննա Հարսը» վէպը լոյս տեսաւ իտալերէն լեզուով։ Գիրքը կը նկարագրէ Մեծ Եղեռնի օրերուն Քեսապի տեղահանութիւնն ու տարագրեալներու ոդիսականը։ Գրքին թարգմանութիւնը կատարած է փրոֆ. Գեղամ Պոլոյեանը՝ թարգմանիչ Տանիելա Մուսարտոյի օժանդակութեամբ։ Տպագրուած է Radici հրատարակչատան կողմէ։ Շնորհանդէսը պիտի կատարուի Պարի քաղաքին մէջ, յառաջիկայ Ապրիլ 20-ին։ Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ)…