
«ՖԷրման անունով ընկեր մը ունիմ, որ ինձմէ բաւական մեծ է: Մարմարայի Էրէղլիսիի իր համեստ ամառանոցին պարտէզին մէջ մէկ հատ իսկ ծառ չկայ: Լոլիկ, պղպեղ, կորեկ, արեւածաղիկ ցաներ է… Հիւրերը միշտ այդ բանջարեղէնները կը հիւրասիրէ: Անգամ մը՝ «Ինչո՞ւ մէկ հատիկ ծառ չես տնկած» հարցուցի եւ զղջացի… «Չեմ տնկեր, բարեկա՛մ»,- ըսաւ ու շարունակեց. «Մեր պապերը, Ադամ եւ…