
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Չօպանեանի գուրգուրանքն ււ «Դիւցազնօրէն»-ի երեւումը Արշակ Չօպանեանն ալ մէկն էր այն մտաւորականներէն, որոնք ստիպողաբար թողուցին Պոլիսը ու Փարիզ հաստատուեցան: Հոս` Սենի ափին, երէց ու գուրգուրոտ եղբայրը պիտի դառնար ան Եւրոպա ապաստանած հայ ուսանողներուն: Առաւել եւս` ան մենտոր մը պիտի ըլլար գրական խմոր ունեցող սկսնակ ու խոստմնալից երիտասարդներուն համար: Իր սեփական հրատարակութիւնն եղող «Անահիտ» հանդէսը` ազգային-գրական-մշակութային բովանդակութեամբ, փարոսի մը դերը պիտի…