
Իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախաձեռնութիւններու նախօրեակին, թրքական ու թրքամէտ շրջանակներ թափ կու տան իրենց քարոզչաքաղաքական արշաւին` շրջանառութեան մէջ դնելով հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կարծեցեալ բարեկամութեան այժմէականութեան, անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու, աշխարհագրական ու հոգեմտաւոր սահմանները բանալու ու տարածաշրջանին մէջ գործակցութեան արգելքները վերացնելու անհրաժեշտութեան մասին կոչեր: Թուրքիոյ պետական այրեր, թուրք եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, վերլուծական…