
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 9 նոյեմբեր 2022, չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ինընդունեց Տիյարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները, գլխաւորութեամբ՝ Վարդգէս Էրկուն Այըքի, որ ատենապետն է ներկայ ծխականխորհուրդի։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութեամբ տեղեկացաւ, թէ տեղացի եւ օտար այցելուներ ջերմ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէին վերանորոգուլեով բարեզարդուած Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Վարդգէս Էրկուն Այըք ներկայացուց թեկնածուներու ցանկը եւ յայտնեց, թէ բոլորը խոստացած էին իրենց կարելին ի գործ դնել եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Ծանօթ է, թէ այս ծխական խորհուրդը նաեւ իր պատասխանատուութեան ներքեւ ունի քաղաքի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին, որներկայիս կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ։ Վարդգէս Էրկուն Այըք յայտնեց, թէ կարելիութիւններ կ՚որոնուէին քաղաքի հայկական այս կառոյցը ներկայանալի վիճակի բերելու համար եւ յիշեց, թէ նախորդ Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի շրջանին վերակառուցման կապակցութեամբ յատակագիծերը ու տեղեկագիրները պատրաստուած էին Կուսակալութեան միջոցներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ գնահատեց իրենց նախանձախնդիր կեցուածքը եւ մաղթեց որ յարմար միջոցները կարելի կ՚ըլլար ստեղծել այս աղօթատեղին եւս բարեզարդեալ վիճակով պահպանելու համար։ Ներկեներ իրենց որդիական ակնածանքը յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ հայրական մերձեցումով ընդունած էրզիրենք։ Ընդունելութեան աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ։ Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Դեկտեմբեր 2022ին Տիյարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր, Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եւ Եշիլգիւղի ՍուրբՍտեփանոս եկեղեցիներու շրջափակներուն մէջ դրուած սնտուկներու շուրջ։ https://www.facebook.com/TRHayBad
Ամբողջը →