
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Համշէնցիներու հետ առաջին շփումս վերացական էր՝ «Վովա» ձայնասկաւառակի միջոցով: «Վովա»ն 2005ին թողարկուած երաժշտական ալպոմ մըն է, որ կը պարունակէ տասներեք երգեր ու երկու պարային մեղեդիներ, բոլորն ալ համշէնական: Ազգագրական երաժշտութեան լաւ օրինակ մըն է անիկա. թէ՛ լեզուն (մեծ մասամբ), թէ՛ քերթուածները, թէ՛ երաժշտութիւնը եւ թէ խումբին հիմնական երաժիշտները Համշէնէն սերած են: Անիկա ձեռքս…