Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ

ՏՈՒՇՊԱ – ՎԱՆ

  Վանի ժայռը եւ բերդը դիտուած Վանայ լճէն  Այս քաղաքը, որ կը կոչուի նաեւ Տոսպ, Վանտոսպ, աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մին է։ Երբ Ք.Վ. 363 թուականին, պարսիկներ կ’արշաւեն Հայաստան, իրենց արձանագրութիւններուն մէջ Վան քաղաքի համար կը գործածեն Շամիրամակերտ անունը։ Ք.Ա. 9-րդ դարու կիսուն, յատկապէս ասորական արշաւանքներու հետեւանքով, Նաիրի երկրի հայ ցեղերը՝ քաղաք-թագաւորութիւնները միասնական պետութեան մը վերածելու…