
Մելիք Ռովշանի եւ Վանի Աթաբէկեանի քաջագործութիւնները ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսական տիրապետութիւնը աստիճանաբար կ՛ամրապնդուէր եւ կը տարածուէր Կովկասի վրայ, եւ կառավարչապետ կոմս Իվան Գուդովիչ հարկաւոր կը նկատէր, կովկասեան այլ ժողովուրդներու շարքին, սիրաշահիլ հայերը: Ան որոշեց առաջին հերթին հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը իրեն լծակից դարձնել: Գուդովիչ Պետերբուրգէն հրաման ստացաւ տեղեկութիւններ հաւաքել եւ փոխանցել հայոց հոգեւոր իշխանութեան վերաբերեալ, եւ յստակացնել, որ Դաւիթ-Դանիէլեան պայքարին մէջ…