
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ [1] ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ, աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ կրկին անգամ նշուեցաւ Մարտ 8-ը իբրեւ կանանց միջազգային օր։ Արդէն աւելի քան 100 տարուան աւանդոյթ մը ունի այս տօնը, որ գերազանցապէս կը հետապնդէ կանանց համար հաւասարարժէք իրաւունքներ, աշխատանքային բարելաւուած պայմաններ, արդար աշխատավարձ, քուէարկելու իրաւունք, հասարակական կեանքին մէջ խտրականութեան ենթարկուելու նահապետական բարքերէ…