
Համադրեց` բԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Aztagdaily.com- Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ, 1880-ին: Զաւակը` Կարապետ եւ Խաթուն Տէր Ղազարեաններու: Ունեցած է եօթը քոյրեր, եղած է ծնողներուն երէցը եւ միակ մանչ զաւակը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղային վարժարանին մէջ: 1896-1901 ուսանած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ: 1902-ին անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է ամերիկեան…