
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Ակօս» թերթով մենք կռուելու ենք մեր պետութեան դէմ,իր գործած անիրաւութիւնը երեսին զարնելու համար: Հրանդ Տինք Իր նահատակութենէն տարի մը առաջ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պոլսահայ գրող, մտաւորական ու խմբագիր Հրանդ Տինք, առանց բառերը ծամծմելու եւ մտքերը թաքցնելու, անվախօրէն կը պատասխանէր իրեն ուղղուած հարցումներուն: Փաստօրէն, հարցումներու կիզակէտին էին` թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ «Ակօս» թերթը,…