
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 սեպտեմբեր 2020, երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիրի։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 27 սեպտեմբեր 2020, կիրակի պիտի կատարուի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ…