
Համայնքային ընտրութիւնները երէկ շարունակուեցան Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, ընտրութիւններու երէկուան հերթական փուլին 3607 հոգի քուէարկեց։ Ընտրական գործընթացի սկսելէն ի վեր արդէն պարզ դարձած է, որ ընտրողներու այս քանակը, մասնակցութեան այս համեմատութիւնը ներկայիս տրամաբանական կը համարուի մեր համայնքի իրականութեան տեսակէտէ։ Ուստի, ընտրեալ կազմերն ալ այս տրամաբանութեան հիման վրայ կը համարուին անհրաժեշտ ժողովրդական…