
Նոր թաղական խորհուրդի ընտրութենէն եւ նոր հիմնադիր ներկայացուցիչի նշանակումէն ետք Պէյօղլուի Թաղական Խորհուրդը յայտարարեց Էսաեան Վարժարանի նոր տնօրէնուհիներու անունները։ Այսպէս 2023-2024 ուսման տարեշրջանէն սկսեալ վարժարանի երկրորդական բաժնի տնօրէն նշանակուած է Տենչա Չընար։ Իսկ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի նշանակուած է Առլին Եէշիլթեփէ։ Սիմոն Չեքեմի վարչութեան շրջանին Առլին Եէշիլթեփէ եւ Սաթենիկ Նշան կամայական որոշումով մը հեռացուած էին իրենց…