Ասորիներու իրաւունքները յարգելու կոչ՝ Թուրքիոյ

2012/06/30

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ մէջ իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ազատական ժողովրդավար կուսակցութիւնները, ընդդիմադիր Կանաչներ կուսակցութեան հետ համատեղ, պահանջած են Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ յարգեն Թուրքիոյ մէջ ապրող ասորիներու իրաւունքները եւ պահպանեն Մոր Գաբրիէլ տաճարը: Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ կուսակցութիւնները նշած են, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամներու իրաւունքները յաճախ կ՛ոտնակոխուին, եւ անբաւարար նկատած են վերջին քանի մը տարիներուն փոքրամասնութեան վիճակը բարելաւելու նպատակով առնուած փոքր քայլերը:

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ Մար Գաբրիէլ տաճարի պահպանութիւնը կրօնական ազատութիւնները պահպանելու բաղկացուցիչ մէկ մասնիկն է:

http://asbarez.com/arm/134501/


Ձեր մեկնաբանութիւնը

Ձեր էլ-նամակի հասցէն պիտի չհրատարակուի. պահանջուած տեղեկութիւնները նշուած են *-ով