Տիգրանակերտի քաղաքապետը արգիլուած տարածք յայտարարած է

2011/12/28

Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) նահանգապետետարանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան համաձայն` ժամանակաւորապէս արգիլուած տարածքներ յայտարարուած են Տիգրանակերտի վեց շրջաններ: Տիգրանակերտին ենթակայ Լիսէ (Լիջե-Ակունքի խմբ.) գաւառակէն մինչեւ Պինկօլի ենթակայ Կէնչ գաւառակ 26 Դեկտեմբեր 2011էն մինչեւ 26 Մարտ 2012 ինկած ժամանակաշրջանին մուտքի համար արգիլուած տարածք յարտարարուած է: Այդ մասին կը յայտնէ Թրքական «Սապահ» թերթը։

Նշենք, որ այս որոշումը կայացած է՝ նպատակ ունենալով չեզոքացնել քիւրտ ապստամբներու գործողութիւնները՝ թուրքիոյ բանակի միջոցով։ 

http://tert.am/hy/news/2011/12/27/dikranagerd/


Ձեր մեկնաբանութիւնը

Ձեր էլ-նամակի հասցէն պիտի չհրատարակուի. պահանջուած տեղեկութիւնները նշուած են *-ով