Ամսական արխիւներ – Օգոստոս 2009

Բարսեղ Թուղլաճեան հրատարակեց արեւմտահայերու պատմութեան կոթողային շարքի չորրորդ հատորն ալ

2009/08/20

Լոյս տեսաւ պատմաբան ու լեզուագէտ Բարսեղ Թուղլաճեանի կոթողային «Պատմութեան Տեւողութեան Արեւմտահայերը» (Թարիհ Պոյունճա Պաթը Էրմէնիլէրի) գործի չորրորդ հատորը, որ վերջընթերն է: Այժմէն ըսենք որ շարքը իր լրումը պիտի գտնէ հինգերորդ ու վերջին հատորով: Չորրորդ հատորն ալ, որ այնքան գեղատիպ ու ծանրածանր գիրք մըն է մօտաւորապէս 800 էջերով, Արեւմտահայերու պատմութիւնն ու ժամանակագրութիւնը կը բերէ 1923-էն մինչեւ…

Ամբողջը »


Բաժիններ: Նորութիւններ

Թուրքիոյ վարչապետը փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ

2009/08/15
Թուրքիոյ վարչապետը փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ

Կղզեաց Քաղաքապետութիւնը, Կղզեբնակ անհատներ ու Կղզիի ոչ-քաղաքական մարմինները, Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի Մեծ Կղզի այցելութեան առիթով, 15 Օգոստոս 2009, Շաբաթ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեցին Անատօլու Ակումբի կեդրոնին մէջ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, սոյն ճաշին մասնակցեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր…

Ամբողջը »


Բաժիններ: Նորութիւններ